2015-03-06 12:36:00

Իտալիոյ Նէմի շրջանին մէջ հաւաք ` քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի նիւթին մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի պատրաստութեան Գութի Տիրամօր  կրօնաւորական միաբանութեան Յոբելեանին, որ պիտի տօնախմբուի 2018-ին,Մարտ 6 - 8, Իտալիոյ Նէմի շրջանին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Գութի Տիրամօր ընտանիքի 26-րդ հաւաքը ` ''քրիստոնեաները աշխարհի ամենէն հարստահարուածներն են'', նիւթին մասին։

Գութի Տիրամօր  կրօնաւորական միաբանութիւնը  հիմնուած է Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ 10 Օգոստոս 1218 թուականին,  սուրբ Pietro Nolasco-ի կողմէ, ունենալով որպէս կէտնպատակ մահմետականներէն ձերբազատել գերի բռնուած  քրիստոնեաները։ Միաբանութիւնը իր հիմնարկութենէն սկսեալ ունեցաւ աշխարհական թէ զինուորական բնոյթ, սակայն միաբանութեան մեծաւորները միշտ եղած են եկեղեցականներ։ Ստրկութեան աւարտումով միաբանութիւնը ինքզինք նուիրեց դաստիարակութեան ու Աւետարանի քարոզութեան պայքար մղելով ստրկութեան նոր երեւոյթներուն դէմ,  ըլլան անոնք քաղաքական,  ընկերային կամ հոգեբանական։

Վերոյիշեալ միաբանութեան հոգեւորութիւնը հիմնուած է թէ Յիսուսի նմանութեան վրայ, որպէս մարդկութեան Փրկիչը եւ թէ Աստուածածնայ բարեպաշտութեան վրայ։ Միաբանութեան  երկրորդ ճիւղաւորումը կազմուած է կրօնաւորուհիներով, հիմնուած Bernardo da Corbara-էն։ Կայ նաեւ երրորդ ճիւղաւորումը որ կը կոչուի երրորդ կարգ։ Անոր մաս կը կազմեն աշխարհականները, որոնք հոգեւորապէս միացած են միաբանութեան առանց սակայն որդեգրելու կրօնաւորական կեանքը։ Այս երեք կարգերը կը կոչուին ''Գութի Տիրամօր ընտանիքը''։ 

Վերոյիշեալ հաւաքին յայտագիրը կը նախատեսէ. Ուրբաթ 6 Մարտ 2015-ին ժողովականներու ներկայացում, Աբբահօր բարի գալուստի խօսքը եւ ապա հաւաքին ներկայացումը։

Հուսկ Յիսուսեան հայր Linus Kujur -ի  զեկոյցը ''Քրիստոնեաներու հալածանքը Հնդկաստանին մէջ'' նիւթին մասին։ Երեկոյեան` Մարտիրոսներու ճանապարհ Խաչի ջերմեռանդութիւնը։

Շաբաթ 7 մարտի առաւօտեան ժամասացութիւն եւ ս. Պատարագ  հալածուած քրիստոնեաներու դիտաւորութեան համար։ Նախաճաշէն անմիջապէս ետք, խօսք պիտի առնէ կարդինալ Սանտրին` կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին, ունենալով որպէս նիւթ` ''Եկեղեցւոյ աղօթքն ու գործը հաւատքի համար տառապող եղբայրներուն ի նպաստ''։ Յետմիջօրէին Միաբանութեան գործակալ հայր Damaso Masabo պիտի խօսի` ''Ափրիկէի քրիստոնեաներու հալածանքը, հեռանկարներ'' նիւթի մասին։

Կիրակի` 8 մարտ ս. Զոհ Տոմիդիլլա գետնադամբանին մէջ,  որուն ընթացքին յաւուր պատշաճի խօսք պիտի արտասանէ Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը` Արհիապատիւ Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրիաթեան, հուսկ տեղի կ՛ունենայ այցելութիւն`  Տոմիդիլլայի գետնադամբանին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.